6 Յունուար 1830-ին, Սուլթան Մահմուտ Բ.ի հրովարտակով Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը պաշտօնապէս ճանաչուեցաւ որպէս ուրոյն եւ ինքնավար համայնք, այսինքն «ազգութիւն» (միլլէթ) Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ոչ-մահմետական միւս համայնքներու կողքին: Այս հրովարտակով Սուլթանը արտօնութիւն կու տայ Հայ Կաթողիկէ «Պատրիարքութեան» եւ Նախագահ Արքեպիսկոպոսութեան մը հաստատման, որ պիտի տնօրինէր Օսմանեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր հայ կաթողիկէներուն քաղաքացիական եւ եկեղեցական կեանքը: Ուստի, այս համագրին մէջ, Պատրիարքը կամ Պատրիկը (Patrik) ունէր քաղաքացիական բնոյթ՝ իբր «ազգապետ», այսինքն համայնքապետ: Առաջին Ազգապետը կ’ըլլայ Հայր Յակոբոս Չուքուրեան (1831), իսկ առաջին Եկեղեցական Առաջնորդը կ’ըլլայ Արհի. Անտոն Արք. Նուրիճան: Ապա նաեւ նոյն հրովարտակով աքսորի ենթարկուած հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն ներում կը շնորհուի եւ եկեղեցի կառուցանելու իրաւունք կը տրուի: Լեռնալիբանանի Զմմառու մօտ Քրեյմ գիւղին մէջ, 1742-ին Բենեդիկտոս ԺԴ. Պապին վճիռով հաստատուած էր նախապէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցական Պատրիարքութիւնը, որու տիտղոսակիրը կոչուեցաւ Կաթողիկոս Պատրիարք: 1867 թուականին, նորընտիր Պատրիարք Անտոն Պետրոս Թ. Պատրիարքական Աթոռը ուզեց փոխադրել Կայսրութեան մայրաքաղաքը՝ Կ. Պոլիս ուր Աթոռը մնաց մինչեւ 1922 թուականը: